2014-12-29 12:35:44

Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու դիտարանի տեղեկագիրը` աւելի քան 2000 Սուրիացիներ մահապատիժի ենթարկուած են վերջին վեց ամիսներու ընթացքին։


(Ռ.Վ. 29 դեկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 29 դեկտեմբերին, Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու դիտարանը հրատարակեց տեղեկագիր մը որուն մէջ կը նշուի թէ վերջին վեց ամիսներուն՝ Սուրիոյ մէջ մահապատիժի ենթարկուած են աւելի քան 2000 անձեր՝ ծայրայեղ մահմետականներու կողմէ։
Ըստ տեղեկագիրին՝ մահապատիժներու կիրարկումը կատարուած է գլխատումով եւ քարկոծումով, մասնաւորապէս Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը գտնուող Տէր Զօրի եւ Հասաքէի մէջ, ինչպէս նաեւ Հալէպ, Հոմս եւ Համա քաղաքներուն մէջ։
Մահապատիժի ենթարկուողներու կէսէն աւելին Սիւննիներ են եւ մահմետական Խալիֆայութեան հակառակորդներ։
Նշենք թէ. Կիրակի 28 դեկտեմբերին, ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ Քիտնա շրջանին մէջ, որուն պատճառաւ զոհ գացին երկու մանուկներ եւ աւելի քան 10 վիրաւորներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.